2013-10-12 09:36:16

Սփիւռքի նախարարութեան 5-ամեակ` նախագահին մասնակցութեամբ


11 հոկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն այցելած եւ նախարարութեան 5-ամեայ գործունէութեան նուիրուած եզրափակիչ հանդիսութեան մասնակցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ան շրջագայած է նախարարութեան մէջ, ծանօթացած աշխատակազմի ստորաբաժանումներու աշխատանքային պայմաններուն, զրուցած աշխատակիցներուն հետ` ընթացիկ աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Սերժ Սարգսեանը դիտած է նաեւ սփիւռքի նախարարութեան 5 տարիներու գործունէութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէսը:
Նախարարութեան աշխատակազմի, համահայկական կազմակերպութիւններու, սփիւռքի նախարարութեան գործընկեր կառոյցներու, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու, Հայաստան-սփիւռք զարգացման իրենց նպաստը բերած պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներու, մտաւորականներու մասնակցութեամբ կայացած հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրման յոբելեանը, խօսած է նախարարութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, անցած ուղիին եւ ձեռքբերումներուն, այդ կառոյցի առաքելութեան ու անոր կողմէ իրականացուելիք հետագայ ծրագիրներուն մասին: Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ նախարարութիւնը յառաջիկայ հանգրուանին կեանքի պիտի կոչէ ազգային նպատակներու, համահայկական իղձերու իրագործման միտող աւելի մեծ ծրագիրներ եւ որոշ ժամանակ ետք իր աշխատանքին արդիւնքներով պիտի դառնայ այնպիսի կառոյց, զոր կ՛ուզէ տեսնել իւրաքանչիւր հայ: Սերժ Սարգսեան նախարարութեան մաղթած է նորանոր ձեռքբերումներ` համայն հայութեան ներուժը մէկտեղելու, Հայաստան հայրենիքը հզօրացնելու եւ սփիւռքը հայ պահելու համազգային այդ դժուարին առաքելութեան իրագործման ճամբուն վրայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.